Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Մեր աշակերտներուն սորվեցնել որ դասը պատրաստեն

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Մեր աշակերտներուն սորվեցնել որ դասը պատրաստեն

ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։ Երբ մեր աշակերտները իրենց դասը պատրաստեն, անոնք կրնան աւելի դիւրաւ հասկնալ ու յիշել ինչ որ իրենց կը սորվեցնենք։ Անոնք որքա՛ն աւելի հասկնան եւ յիշեն, այնքա՛ն աւելի արագ պիտի յառաջդիմեն։ Նոյնիսկ մկրտուելէ ետք, անոնք պէտք պիտի ունենան ժողովներուն եւ ծառայութեան համար պատրաստուելու, որ կարենան ‘արթուն կենալ’ (Մատ. 25։13)։ Անոր համար, երբ անոնք գիտնան, թէ ինչպէ՛ս պէտք է սերտեն եւ սերտելու լաւ սովորամոլութիւն ունենան, իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան պիտի օգտուին։ Ուրեմն, սկիզբէն իսկ մեր աշակերտներուն պէտք է օգնենք, որ իրենց դասը պատրաստելը սովորութիւն դարձնեն։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՆԵԼ ՈՐ ԴԱՍԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵՆ։

  • Լաւ օրինակ եղիր (Հռով. 2։21)։ Ամէն մէկ սերտողութեան համար նախապատրաստուէ՝ աշակերտդ ի մտի ունենալով (թծ 11/15 էջ 3)։ Աշակերտդ թող տեսնէ որ դասը ընդգծած ես։

  • Աշակերտը քաջալերէ որ դասը պատրաստէ։ Մէյ մը որ դասը հաստատուի, աշակերտիդ գիտցուր որ դաս պատրաստելը սերտողութեան մէկ մասն է եւ ատոր օգուտները բացատրէ։ Իրեն գործնական առաջարկներ տուր որ ինչպէ՛ս կրնայ իր յայտագիրը դասաւորել որ դասը պատրաստէ։ Կարգ մը ուսուցիչներ սերտողութեան ատեն իրենց ընդգծուած գիրքը կու տան աշակերտին, որ ան դաս պատրաստելուն օգուտները տեսնէ։ Եթէ աշակերտը իր դասը պատրաստած է, գովէ զինք։

  • Ցոյց տուր որ ինչպէ՛ս կրնայ դասը պատրաստել։ Երբ կարգ մը ուսուցիչներ նոր դաս հաստատեն, անոնք ամբողջ նիստ մը կը տրամադրեն իրենց աշակերտին ցոյց տալու, թէ ինչպէ՛ս կրնայ դասը պատրաստել։