Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 25

«Արթուն կեցէք»

«Արթուն կեցէք»

25։1-12

Ճիշդ է որ Յիսուս տասը կոյսերուն առակը իր օծեալ հետեւորդներուն ուղղեց, բայց այդ առակին գլխաւոր պատգամը բոլոր քրիստոնեաներուն կը կիրարկուի (դ15 3/15 էջ 12-16)։ «Արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը» (Մատ. 25։13)։ Յիսուսին այս առակը կրնա՞ս բացատրել։

  • Փեսան (համար 1Յիսուսը։

  • Իմաստուն՝ պատրաստ կոյսերը (համար 2Օծեալ քրիստոնեաները, որոնք պատրաստ են իրենց նշանակումը հաւատարմութեամբ կատարելու եւ որոնք լուսաւորներու պէս կը փայլին մինչեւ վերջը (Փլպ. 2։15

  • Ձայնը. «Ահա փեսան կու գայ» (համար 6Յիսուսի ներկայութեան ապացոյցը։

  • Յիմար կոյսերը (համար 8Այն օծեալ քրիստոնեաները, որոնք կ’երթան փեսան դիմաւորելու, բայց արթուն չեն կենար եւ իրենց ուղղամտութիւնը չեն պահեր։

  • Իմաստուն կոյսերը չեն ուզեր իրենց իւղէն տալ (համար 9Վերջնական կնքումէն ետք, այլեւս շա՛տ ուշ է որ հաւատարիմ օծեալները օգնեն անոնց՝ որոնք անհաւատարիմ դարձան։

  • «Փեսան եկաւ» (համար 10Յիսուս կու գայ դատելու՝ մեծ նեղութեան վերջաւորութենէն քիչ առաջ։

  • Իմաստուն կոյսերը փեսային հետ հարսանիքի կը մտնեն եւ դուռը կը գոցուի (համար 10Յիսուս իր հաւատարիմ օծեալները երկինք կը հաւաքէ, բայց անհաւատարիմները իրենց երկնային վարձատրութիւնը կը կորսնցնեն։