Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Վիտէօներ գործածէ որ Աստուածաշունչի աշակերտներուդ սորվեցնես

Վիտէօներ գործածէ որ Աստուածաշունչի աշակերտներուդ սորվեցնես

Վիտէօները եւ պատկերները դիտողին ուշադրութիւնը կը գրաւեն եւ իրեն կ’օգնեն, որ իր սորվածը հասկնայ ու յիշէ։ Մեր Մեծագոյն Ուսուցիչը՝ Եհովան ալ պատկերաւոր արտայայտութիւններ գործածեց, որ կարեւոր դասեր սորվեցնէ (Ծն. 15։5. Եր. 18։1-6)։ Մեծ Ուսուցիչը՝ Յիսուս ալ զանոնք գործածեց (Մատ. 18։2-6. 22։19-21)։ Վերջերս, վիտէօները շատ օգտակար դարձած են մարդոց։ Աստուածաշունչի աշակերտներուդ սորվեցուցած ատեն վիտէօներ կը գործածե՞ս։

10 վիտէօներ պատրաստուած են, որ մեզի օգնեն Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկին դասերը սորվեցնելու։ Ընդհանրապէս, ամէն մէկ վիտէոյին անունը առնուած է գրքոյկին դասերուն ենթավերնագիրներէն։ Գրքոյկին թուանշային տարբերակին (digital version) մէջ կան կապեր (links), որոնք մեզի կը յիշեցնեն ե՛րբ ցուցնել ամէն մէկ վիտէոն։ Ասկէ զատ, ուրիշ վիտէօներ ալ կան, որոնք կապ ունին ուսումնասիրութեան համար գործածուող հրատարակութիւններու հետ, որոնք կը գտնուին Ուսուցանելու գործիքներու տուփին մէջ։

Երբ աշակերտիդ հետ կը խօսիս դժուար նիւթի մը մասին կամ երբ աշակերտդ որոշ դժուարութենէ մը կ’անցնի, jw.org® կայքին մէջ կամ JW Broadcasting® հեռատեսիլի կայանին վրայ փնտռէ վիտէօ մը, որ իրեն կրնայ օգնել։ Կրնաք դուն եւ աշակերտդ միասնաբար վիտէօ մը դիտել եւ ետքը քննարկել։

Ամէն ամիս նոր վիտէօներ լոյս կը տեսնեն։ Մինչ կը դիտես, մտածէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ատոնք գործածել, երբ ուրիշներուն կը սորվեցնես։