Ի՞նչ կը նշանակէ սէր ցոյց տալ
Եթէ մէկը մեզի հանդէպ սխալի, որպէս քրիստոնեաներ սէրը մեզ կը մղէ, որ ոչ միայն չփոխադարձենք, հապա նաեւ ուրիշ բան մըն ալ ընենք։ «Եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես» (Հռով. 12։20)։ Մեզի հանդէպ սխալող անհատին հետ քաղցրութեամբ վարուիլը կրնայ նոյնիսկ ձգել որ ան զղջայ իր ըրածին վրայ։
Ի՞նչ զգացիր երբ այն անձը, որուն հանդէպ անգիտակցաբար սխալեցար, ազնուութեամբ վարուեցաւ հետդ։