Ծառայութեան համար առաջարկներ
●○○ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հարցուր։ Աստուած ի՞նչ նպատակ ունի մարդոց նկատմամբ։
Կարդա՛։ Ծն. 1։28
Գալ անգամ նկատի առ։ Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Աստուած մարդոց նկատմամբ իր նպատակը պիտի իրագործէ։
○●○ ԱՌԱՋԻՆ ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հարցուր։ Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Աստուած մարդոց նկատմամբ իր նպատակը պիտի իրագործէ։
Կարդա՛։ Եսա. 55։11
Գալ անգամ նկատի առ։ Երբ Աստուած իր նպատակը իրագործէ, կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։
○○● ԵՐԿՐՈՐԴ ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հարցուր։ Երբ Աստուած իր նպատակը իրագործէ, կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։
Կարդա՛։ Սաղ. 37։10, 11
Գալ անգամ նկատի առ։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ Աստուծոյ խոստումներէն օգտուինք։
ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻ ՀՐԱՒԻՐԱԳԻՐ ԲԱԺՆԵԼՈՒ ԱՐՇԱՒ (մարտ 23-ապրիլ 19)
Կ’ուզենք քեզ հրաւիրել կարեւոր առիթի մը։ Այս հրաւիրագիրը քեզի է։ Ուրբաթ, ապրիլ 19–ին, ամբողջ աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ պիտի հաւաքուին Յիսուս Քրիստոսի մահը յիշատակելու։ Այս հրաւիրագրին մէջ կը գտնէք ժողովին ժամն ու վայրը։ Նաեւ ձեզ կը հրաւիրենք մտիկ ընելու դասախօսութիւն մը՝ «Ամէն կարելիդ ըրէ որ ճշմարիտ կեանքը ստանաս» նիւթով, որ Յիշատակատօնէն մէկ շաբաթ առաջ պիտի տրուի։
Եթէ հետաքրքրուած է, գալ անգամ նկատի առ։ Յիսուս ինչո՞ւ մեռաւ։