Յակոբ կը ստանայ իր իրաւունքը եղող օրհնութիւնը
Յակոբին ստացած օրհնութիւնը իրականութեան մէջ մարգարէութիւն էր։
-
27։28. Եհովան Յակոբին սերունդին տուաւ բարեբեր երկիր մը, ‘ուր կաթ ու մեղր կը բղխի’ (Բ. Օր. 26։15)։
-
27։29. Իսրայէլացիները (Յակոբին սերունդը) աւելի զօրաւոր եղան եդովմայեցիներէն (Եսաւին սերունդէն) (Ծն. 25։23. Բ. Թագ. 8։14)։
-
27։29. Եդովմայեցիները անիծեալ եղան եւ ի վերջոյ որպէս ազգ բնաջնջուեցան, քանի որ իսրայէլացիները կ’ատէին (Եզեկ. 25։12-14)։