Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Կոյրերուն վկայէ

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Կոյրերուն վկայէ

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է. Շատ մը կոյրեր հանգիստ չեն զգար օտարներու հետ խօսելու։ Ասոր համար, վարպետութիւն կ’ուզէ այսպիսիներուն վկայելը։ Եհովան սիրալիրօրէն կը հետաքրքրուի կոյրերով (Ղեւ. 19։14)։ Կրնանք զինք ընդօրինակել, նախաքայլը առնելով որ հոգեւորապէս օգնենք կոյրերուն։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԿԱՅԵԼ ԿՈՅՐԵՐՈՒՆ

  • Կոյրերը փնտռէ (Մատ. 10։11)։ Գիտե՞ս մէկը որուն ընտանիքին մէկ անդամը կոյր է։ Թաղամասիդ մէջ կա՞ն դպրոցներ, ծերանոցներ կամ ուրիշ համալիրներ, որոնք կը փափաքին կոյրերու համար ծրագրուած հրատարակութիւններ ունենալ։

  • Անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց տուր։ Ընկերային գտնուիլը եւ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցնելը կ’օգնեն, որ կոյրը հետդ հանգիստ զգայ։ Փորձէ կոյրը հետաքրքրող նիւթ մը բանալ։

  • Հոգեւոր օգնութիւն տուր։ Կազմակերպութիւնը տարբեր ձեւաչափերով հրատարակութիւններ արտադրած է կոյրերուն օգնելու համար։ Անհատին հարցուր որ ինչպէ՛ս կը նախընտրէ սորվիլ։ Ծառայութեան տեսուչը պէտք է վստահ ըլլայ որ հրատարակութիւններու ծառան հրատարակութիւններ կ’ապսպրէ կոյր անհատին նախասիրած ձեւաչափով։