Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Որո՞նց պիտի հրաւիրեմ

Որո՞նց պիտի հրաւիրեմ

Ամէն տարի մասնաւոր ջանք կ’ընենք որ թաղամասի մարդիկը հրաւիրենք Յիշատակատօնին։ Անոնց մեծամասնութիւնը չենք ճանչնար։ Նաեւ պէտք է մեր ծանօթները հրաւիրենք։ Անոնք որոնք ծանօթէ մը հրաւէր կը ստանան, աւելի հաւանականութիւն կայ որ գան (2008–ի Տարեգիրք 11 ¶3 [անգլերէն])։ Որո՞նք կրնաս հրաւիրել։

  • Ազգականներ

  • Գործընկերներ կամ դասընկերներ

  • Դրացիներ

  • Վերայցելութիւններ եւ նախկին կամ ներկայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ

Ասկէ զատ, երէցները պիտի հրաւիրեն անգործունեաները։ Լաւ ի՞նչ կրնաս ընել եթէ հրաւիրած մէկ ծանօթ անհատդ քու շրջանիդ մէջ չ’ապրիր։ Կրնաս անոր շրջանին մէջ տեղի ունենալիք Յիշատակատօնին ժամն ու վայրը գտնել՝ jw.org կայքին գլխաւոր էջին վրայ ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ բաժինը սեղմելով եւ ընտրելով «Յիշատակատօն»։ Մինչ այս տարուան Յիշատակատօնին կը պատրաստուիս, մտածէ թէ որո՞նք կրնաս հրաւիրել եւ ետքը զանոնք հրաւիրէ։