ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
«Հոգ մի՛ ընէք»
Անցեալին Եհովան աղքատ իսրայէլացիներուն օգնեց։ Մեր օրերուն, Եհովան ինչպէ՞ս կ’օգնէ իր ծառաներուն, որոնք աղքատ են։
-
Եհովան անոնց սորվեցուցած է, որ դրամասէր չըլլան (Ղուկ. 12։15. Ա. Տիմ. 6։6-8)։
-
Եհովան անոնց օգնած է, որ իրենց անձին հանդէպ յարգանք ունենան (Յոբ 34։19)։
-
Ան անոնց սորվեցուցած է, որ աշխատասէր ըլլան եւ վնասակար սովորութիւններէ հեռու մնան (Առ. 14։23. 20։1. Բ. Կոր. 7։1)։
-
Ան զանոնք դրած է սիրալիր քրիստոնէական եղբայրութեան մը մէջ (Յովհ. 13։35. Ա. Յովհ. 3։17, 18)։
-
Ան յոյս կու տայ անոնց (Սաղ. 9։18. Եսա. 65։21-23)։
Որքա՛ն ալ նեղութեան մէջ ըլլանք, պէտք չունինք հոգ ընելու (Եսա. 30։15)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան մեր պէտքերը պիտի հոգայ, այնքան ատեն որ Թագաւորութիւնը առաջին տեղը կը դնենք (Մատ. 6։31-33)։
ԴԻՏԷ ՍԷՐԸ ԲՆԱ՛Ւ Չ’ԻՅՆԱՐ, ՀԱԿԱՌԱԿ. . . ԱՂՔԱՏՈՒԹԵԱՆ (ՔՈՆԿՕ) ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Տարեկան համաժողովներու վայրերուն մօտ ապրող եղբայրները ինչպէ՞ս սրտանց հիւրասէր գտնուեցան պատուիրակներուն հանդէպ։
-
Այս վիտէոն ինչպէ՞ս կը ցուցնէ, որ Եհովան աղքատները կը սիրէ։
-
Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային նմանիլ, նոյնիսկ եթէ շատ դրամ չունինք։