ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ | ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ
Կարեկցէ
Կարեկցութիւնը այն կարողութիւնն է, որ մէկը հասկնայ ուրիշներուն մտածելակերպը, զգացումները, պէտքերը եւ արժեւորած բաները։ Դիմացինները շուտով կրնան ըմբռնել, որ մենք իրենց հետ կը զգանք։ Կարեկցելու համար նաեւ պէտք է սրտանց ուզենք օգնել։ Երբ ծառայութեան մէջ մարդոց կը կարեկցինք, ընդօրինակած կ’ըլլանք Եհովան, եւ ասիկա կը ձգէ որ մարդիկ ուզեն զինք ճանչնալ (Փլպ. 2։4)։
Կարեկից ըլլալը պարզապէս մեթոտ մը չէ որ սորվեցնելու ատեն կը գործածենք։ Մեր կարեկցութիւնը յայտնի կ’ըլլայ մեր մտիկ ըրած ու խօսած կերպով, վարմունքով, շարժուձեւերով եւ դէմքի արտայայտութիւններով։ Կարեկցութեամբ վարուելու համար պէտք է անկեղծօրէն հետաքրքրուինք դիմացի անհատով։ Պէտք է ուշադրութիւն ընենք որ ան ի՛նչ բաներով հետաքրքրուած է, ի՛նչ բաներու կը հաւատայ եւ ի՛նչ պայմաններու մէջ կ’ապրի։ Պէտք չէ զինք ստիպենք որ փոխուի մինչ գործնական կերպերով կ’օգնենք իրեն։ Երբ դիմացինը ընդունի մեր տուած օգնութիւնը, ծառայութեան մէջ մեր ուրախութիւնը կ’աւելնայ։
ԴԻՏԷ ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄՏԵՍԵՑԷՔ. ՁԵՐ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵՑԷՔ. ԿԱՐԵԿՑԵՑԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Նիդան ինչպէ՞ս Ճէյտին կարեկցեցաւ երբ ան ուշացաւ։
-
Նիդան ինչպէ՞ս Ճէյտին կարեկցեցաւ, երբ ան ըսաւ որ չի կրնար սերտել, քանի որ շատ սթրես ունի։
-
Նիդան ինչպէ՞ս Ճէյտին կարեկցեցաւ, երբ ան ըսաւ որ շատ կազմակերպուած չէ։