Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ | ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ

Անհատին սրտին հասիր

Անհատին սրտին հասիր

Անհատ մը սրտա՛նց պէտք է հնազանդի Աստուծոյ (Առ. 3։1)։ Ասոր համար, երբ ուրիշներուն կը սորվեցնենք, կը փորձենք անոնց սրտին հասնիլ։ Ինչպէ՞ս։

Պարզապէս ճշմարտութիւններ մի՛ սորվեցներ աշակերտիդ։ Անոր օգնէ որ հասկնայ, թէ իր սորվածը ինչպէ՛ս կ’ազդէ իր կեանքին եւ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութեան։ Օգնէ որ ըմբռնէ, թէ Սուրբ Գիրքին չափանիշները ինչպէ՛ս կը ցուցնեն, որ Եհովան սիրալիր, բարի եւ արդար է։ Ուշադրութեամբ եւ ազնուութեամբ հարցումներ հարցուր, որպէսզի իրեն օգնես մտածելու թէ ի՛նչ է իր կարծիքը իր սորվածին մասին։ Իրեն օգնէ որ մտածէ թէ իր կեանքը ինչպէ՛ս աւելի լաւ կ’ըլլայ, եթէ իր սխալ մտածելակերպը կամ սովորութիւնը փոխէ։ Երբ տեսնես որ աշակերտդ սրտանց կը սիրէ Եհովան, ուրախութիւնդ պիտի աւելնայ։

ԴԻՏԷ ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄՏԵՍԵՑԷՔ. ՁԵՐ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵՑԷՔ. ԱՆՀԱՏԻՆ ՍՐՏԻՆ ՀԱՍԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Նիդան ինչո՞ւ Ճէյտին հարցուց, որ արդեօք աւելի մտածե՞ց երկուշաբթի իրենց խօսածին մասին։

  • Նիդան ինչպէ՞ս Ճէյտին օգնեց, որ տեսնէ թէ Սուրբ Գիրքին չափանիշները ցոյց կու տան, որ Եհովան զինք կը սիրէ։

  • Եթէ մեր աշակերտին սրտին հասնինք, ինքը պիտի ուզէ յառաջդիմել

    Նիդան ինչպէ՞ս Ճէյտին օգնեց, որ մտածէ թէ ինչպէ՛ս կրնայ Աստուծոյ հանդէպ իր սէրը գործով ցուցնել։