Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Տարիքով մեծ կիներուն հետ մայրերու պէս վարուէ, երիտասարդ կիներուն հետ՝ քոյրերու պէս

Տարիքով մեծ կիներուն հետ մայրերու պէս վարուէ, երիտասարդ կիներուն հետ՝ քոյրերու պէս

Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ որ պէտք է տարիքով մեծերուն հետ վարուինք կարծես թէ մեր մայրերն ու հայրերն են, իսկ երիտասարդներուն հետ՝ կարծես թէ մեր եղբայրներն ու քոյրերն են (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։1, 2)։ Մանաւանդ եղբայրնե՛րը պէտք է քոյրերը պատուեն ու յարգեն։

Եղբայր մը պէտք չէ սիրային խօսքեր ըսէ կամ ուրիշ բան մը ընէ, որ քրոջ անհանգիստ կը զգացնէ (Յոբ 31։1)։ Ամուրի եղբայր մը ամուրի քրոջ մը զգացումներուն հետ չի խաղար։ Եթէ եղբայրը լուրջ նպատակ չունի՝ պարապի յոյսեր չի տար քրոջ։

Երէցները պէտք է ազնուութեամբ ուշադրութիւն դարձնեն այն քոյրերուն, որոնք յարգանքով հարցում մը կը հարցնեն կամ իրենց ուշադրութեան կը յանձնեն բան մը։ Երէցները յարգանքով կը վարուին մանաւանդ այն քոյրերուն հետ, որոնք ամուսին մը չունին որ զիրենք պաշտպանէ (Հթ. 2։8, 9

ԴԻՏԷ ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՑԷՔ ԱՅՆՊԻՍԻ ՍԷՐ՝ ՈՐ ԲՆԱ՛Ւ Չ’ԻՅՆԱՐ. ՈՐԲԵՒԱՅՐԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՈՐԲԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ժողովքը ինչպէ՞ս իր սէրը ցուցուց քոյր Մյինին հանդէպ։

  • Ժողովքին ցուցուցած սէրը ինչպէ՞ս լաւ վկայութիւն տուաւ գիւղին։

  • Ժողովքին ցուցուցած սէրը ինչպէ՞ս ազդեց քոյր Մյինին աղջիկներուն։

Ի՞նչ գործնական կերպերով կրնաս սիրալիր կերպով հոգ տանիլ ժողովքիդ քոյրերուն