ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ինչպէ՞ս կրնաս «Ծառայութեան համար առաջարկներ» մասը գործածել
Եղբայրները շատ ջանք կը թափեն, որ ծառայութեան համար առաջարկները պատրաստեն։ Բայց քանի որ աշխարհին շուրջ տարբեր–տարբեր պարագաներ կան, հրատարակիչները իրենց ծառայութեան մէջ ազատ են ուրիշ բացում մը գործածելու կամ մարդիկը հետաքրքրող ուրիշ նիւթի մը մասին խօսելու։ Անշուշտ, եթէ որոշ արշաւ մը կայ, բոլորը պէտք է տրուած ուղղութիւններուն հետեւին։ Մեր նպատակն է Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու Յիսուսին պատուէրը կատարել (Մատ. 24։14)։
Իսկ երբ հրատարակիչը բաժին ունի, ան պէտք է «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր–ին մէջ յիշուած բացումին նիւթին մասին խօսի։ Բայց ան ազատ է գործածելու թաղամասի մարդիկը հետաքրքրող տարբեր հարցում մը, համար մը, վերայցելութեան հարցում մը կամ ներկայացնելու կերպ մը, բացի եթէ որոշ ուղղութիւններ տրուած են բաժինին մէջ։ Ասիկա փոփոխութիւն մըն է այն ուղղութեան, որ անցած էր ժողովի տետրին յունիս 2020 թիւին 8–րդ էջին վրայ։