ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ | ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ ԴԻՐ
Փոխադրուէ ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ
Հաւատքի պէտք ունիս որ ապրած տեղդ ձգելով նոր տեղ մը երթաս, որպէսզի Եհովային աւելի ծառայես (Եբ. 11։8-10)։ Եթէ կը մտածես փոխադրուիլ ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ, ժողովքիդ երէցներուն հետ խօսէ։ Ի՞նչ գործնական քայլեր կրնաս առնել, որ տեսնես թէ ասիկա տրամաբանակա՛ն նպատակակէտ մըն է կա մ ոչ եւ թէ ո՛ւր կրնաս փոխադրուիլ։ Նայէ թէ մեր հրատարակութիւնները ի՛նչ ըսած են ասոր մասին։ Խօսէ անհատներու հետ, որոնք փոխադրուած են ուրիշ ժողովքի մը մէջ ծառայելու (Առ. 15։22)։ Աղօթքով Եհովային ուղղութիւնը խնդրէ (Յակ. 1։5)։ Տեղեկութիւններ հաւաքէ այն տեղին մասին, ուր կ’ուզես փոխադրուիլ, եւ եթէ կարելի է, առաջ որ որոշես՝ այդ տեղը այցելէ քանի մը օրէն աւելի։
ԴԻՏԷ ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐ ԴՌՆԷՆ ՄՏԻՐ. ՓՈԽԱԴՐՈՒԷ ՈՒՐ ՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉՆԵՐՈՒ ԱՒԵԼԻ ՊԷՏՔ ԿԱՅ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ.
-
Կապրիէլ ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաւ, եւ ի՞նչը իրեն օգնեց։