Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ | ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ ԴԻՐ

Ռահվիրայ ըլլալ

Ռահվիրայ ըլլալ

Երբ հոգեւոր նպատակակէտեր դնենք, մեր ուժը իմաստութեամբ գործածած կ’ըլլանք (Ա. Կոր. 9։26)։ Այս աշխարհը մօտ օրէն վերջ պիտի գտնէ։ Անոր համար, նպատակակէտերը մեզի կ’օգնեն, որ լաւագոյն կերպով գործածենք մեր ժամանակը (Եփ. 5։15, 16)։ Թերեւս կրնաք ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին նպատակակէտեր դնել ծառայութեան նոր տարուան համար։ Ժողովի տետրին այս թիւին մէջ կան յօդուածներ, որոնք նկատի կ’առնեն թէ ի՛նչ կարգ մը նպատակակէտերու մասին կրնաք մտածել եւ աղօթել (Յակ. 1։5

Օրինակի համար, կրնա՞ք ընտանեօք ջանք թափել, որ գոնէ ձեզմէ մէկ հոգի կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլայ։ Եթէ անձամբ քեզի համար դժուար է պահանջուած ժամերուն հասնիլ, խօսէ քու պարագադ ունեցող ռահվիրաներու հետ (Առ. 15։22)։ Թերեւս կրնաս ռահվիրայ մը հրաւիրել ձեր ընտանեկան պաշտամունքին եւ անոր հարցումներ հարցնել։ Ետքը, կրնաս ծառայութեան քանի մը յայտագիր դնել։ Եթէ ժամանակին ռահվիրայ եղած ես, մտածէ թէ արդեօք հիմա ալ կրնա՞ս ռահվիրայ ըլլալ։

Ընտանիքիդ մէջ կա՞ն անձեր, որոնք կրնան մէկ ամիս կամ քանի մը ամիս օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ։ Եթէ շատ ոյժ չունիս, թերեւս կրնաս օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ՝ օրական քիչ մը ծառայելով։ Եթէ լիաժամ կ’աշխատիս կամ դպրոց կ’երթաս եւ շաբթուան մէջ շատ ժամանակ չունիս ծառայելու, թերեւս կրնաս օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել ամիս մը, որ տօն, արձակուրդ կամ հինգ շաբաթավերջ ունի։ Ընտանեօք ժամանակ տրամադրեցէք որ նպատակակէտեր դնէք ծառայութեան նոր տարուան համար։ Օրացոյցին վրայ գրէ, թէ ե՛րբ կը ծրագրես օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ եւ թէ յայտագիրդ ի՛նչ է (Առ. 21։5

ԴԻՏԷ ԵՂԻՐ ՔԱՋ. . . ՌԱՀՎԻՐԱՅ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ.

  • Եհովան ինչպէ՞ս հոգ տարաւ քոյր Օմանին, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։