ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ | ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ ԴԻՐ
Աստուածպետական շինարարութիւններու մէջ օգնէ
Երբ աստուածպետական շինարարութեան մասնակցինք, Եհովային ծառայած կ’ըլլանք (Ել. 36։1)։ Կրնա՞ս լեցնել Տեղական ծրագրման/շինարարութեան կամաւոր ըլլալու դիմումնագիր–ը (DC-50), որ ատեն–ատեն մասնակցիս քեզի մօտ եղող շինարարութեան։ Կամ կրնա՞ս Կամաւոր ծառայութեան դիմումնագիր–ը (A-19) լեցնել, որ քանի մը շաբաթ կամ ամիս մասնակցիս աւելի հեռու տեղեր եղող շինարարութիւններու։ Պէտք չունիս շինարարութեան մէջ փորձառու ըլլալու, որ կարենաս շինարարութեան մասնակցիլ (Նէ. 2։1, 4, 5)։
ԴԻՏԷ ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐ ԴՌՆԷՆ ՄՏԻՐ. ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՕԳՆԷ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ.
-
Սառան ի՞նչ բանով մտահոգ էր, եւ ի՞նչը իրեն օգնեց։