Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Սեպտեմբերին յատուկ քարոզարշաւ՝ Սուրբ Գիրքի դասեր սկսելու համար

Սեպտեմբերին յատուկ քարոզարշաւ՝ Սուրբ Գիրքի դասեր սկսելու համար

Սեպտեմբերին շատ ջանք պիտի թափենք որ բոլոր տանտէրերուն առաջարկենք Սուրբ Գիրքը սերտել՝ գործածելով Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքոյկը։ Հրատարակիչները կրնան ընտրել 30 ժամ ծառայելով օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ։ Մենք ինչպէ՞ս պիտի մասնակցինք այս յատուկ քարոզարշաւին։

  • Առաջին հանդիպումին. Գրքոյկին ետեւի կողքը գործածելով տանտէրին հետաքրքրութիւնը արթնցուր եւ փորձէ ցուցնել թէ սերտողութիւնը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ։ Միտքդ ունեցիր անոնք որոնք նախապէս հետաքրքրութիւն ցոյց տուած են, մէջը ըլլալով վերայցելութիւնները։ Նոյնիսկ եթէ անոնք անցեալին մերժած են Սուրբ Գիրքը սերտել, թերեւս հետաքրքրուին այս նոր գրքոյկով եւ նոր սերտելու կերպով։ Գրքոյկը պէտք չէ տանտէրին ձգենք եթէ տունը չէ, ոչ ալ պէտք է նամակով ղրկենք մէկու մը որ նախապէս հետաքրքրութիւն չէ ցուցուցած։ Ժողովքի ծառայութեան յանձնախումբը կրնայ աւելի հաւաքավայրեր կազմակերպել սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին։

  • Ուրիշ առիթներով. Եթէ ժողովքդ հրատարակութիւններու սայլակներ կը գործածէ, Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքոյկը ներկայացուր ատոնց վրայ։ Հետաքրքրուող անհատներուն ըսէ որ եթէ գրքոյկը առնեն, առիթը ունին որ անհատ մը իրենց հետ ձրիօրէն Սուրբ Գիրքը սերտէ։ Տեղւոյն վրայ անհատին ցոյց տուր սերտողութիւնը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ, կամ ալ հետը համաձայնէ որ ե՛րբ իրեն ցոյց տաս ասիկա։ Ծառայութեան տեսուչը կրնայ կարգադրութիւններ ընել, որ որակեալ հրատարակիչներ երթան առեւտրական տեղեր եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն առաջարկեն։ Ասկէ զատ, կրնաս Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն առաջարկել գործակիցներուդ կամ անոնց, որոնց անպաշտօն կերպով կը վկայես։

Յիսուս ըսաւ որ մարդիկը ‘աշակերտենք’ եւ ‘սորվեցնենք’ (Մատ. 28։19, 20)։ Յուսանք այս քարոզարշաւը մեզի օգնէ, որ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն հրատարակութիւնը գործածելով այս նպատակին հասնինք։