Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աղօթքներուդ պատասխանները կը փնտռե՞ս

Աղօթքներուդ պատասխանները կը փնտռե՞ս

Սուրբ Գիրքին մէջ կը գտնենք շատ մը աղօթքներ, որոնց Եհովան պատասխանած է։ Երբ Աստուծոյ ծառաները տեսան, որ Եհովան ինչպէ՛ս մտիկ կ’ընէ եւ կը պատասխանէ իրենց աղօթքներուն, վստահաբար անոնց հաւատքը զօրացաւ։ Ասոր համար, կարեւոր է որ մասնայատուկ բաներու մասին աղօթենք եւ փորձենք տեսնել թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը պատասխանէ ատոնց։ Միտքդ պահէ որ Եհովան կրնայ տարբեր կերպով պատասխանել կամ նոյնիսկ մեր ուզածէն աւելին տալ մեզի (Բ. Կոր. 12։7-9. Եփ. 3։20)։ Եհովան թերեւս ինչպէ՞ս պատասխանէ մեր խնդրանքներուն.

  • Մեզի ֆիզիքական եւ զգացական ոյժ կու տայ, կամ ալ մեր հաւատքը կը զօրացնէ (Փլպ. 4։13

  • Իմաստութիւն կու տայ, որ լաւ որոշում մը առնենք (Յակ. 1։5

  • Բան մը ընելու փափաքը եւ զօրութիւնը կու տայ մեզի (Փլպ. 2։13

  • Երբ մտահոգ ենք, մեզ կը հանդարտեցնէ (Փլպ. 4։6, 7

  • Ուրիշներուն մէջ փափաք կը դնէ, որ մեզի օգնեն կամ մեզ մխիթարեն (Ա. Յովհ. 3։17, 18

  • Կ’օգնէ անոնց, որոնց համար կ’աղօթենք (Գործք 12։5, 11

ԴԻՏԷ ԵՀՈՎԱՆ «ԱՂՕԹՔԻ ԼՍՈՂ»Ն Է ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Եղբայր Շիմիզուին փորձառութիւնը ինչպէ՞ս կը քաջալերէ մեզ, եթէ մեր առողջութիւնը չի ներեր որ կարգ մը բաներ ընենք։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք եղբայր Շիմիզուին օրինակին հետեւիլ։