ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ
Իմաստութեան արժէքը
Սողոմոն իմաստութիւն խնդրեց Եհովայէն (Գ. Թագ. 3։7-9. դ11 12/1 10-11 ¶4-6)
Եհովան ուրախացաւ Սողոմոնին խնդրանքով (Գ. Թագ. 3։10-13)
Քանի՛ որ Սողոմոնին քով արժէք ունէր Եհովային տուած իմաստութիւնը, իսրայէլ ազգը ապահովութեան մէջ ապրեցաւ (Գ. Թագ. 4։25)
Իմաստուն ըլլալ ըսել է՝ բան մը շատ լաւ գիտնալ, ատիկա հասկնալ եւ գործադրել։ Իմաստութիւնը ոսկիէն շատ աւելի արժէքաւոր է (Առ. 16։16)։ Մենք իմաստութիւն կը ստանանք երբ ատիկա Աստուծմէ խնդրենք, խոնարհ ըլլանք եւ Աստուծոյ Խօսքը խորապէս սերտենք։