ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
‘Բարի լուրը պաշտպանել եւ օրինապէս հաստատել’
Երբ որ թշնամիները փորձեցին տաճարին վերաշինութեան գործը կեցնել, շինարարները իրենց ձեռքէն եկածը ըրին, որ օրինական իրաւունք ունենան շինարարութիւնը ամբողջացնելու (Եզր. 5։11-16)։ Նոյնպէս, քրիստոնեաները իրենց ձեռքէն եկածը ըրած են «բարի լուրը պաշտպանելու եւ օրինապէս հաստատելու» համար (Փլպ. 1։7, ՆԱ)։ Ասիկա ընելու համար, 1936–ին, կեդրոնատեղիին մէջ բացուեցաւ Օրինական բաժանմունքը։ Այսօր, այդ բաժանմունքը ամբողջ աշխարհի մէջ Թագաւորութեան շահերը պաշտպանելու գործը կը կազմակերպէ։ Այս բաժանմունքը ինչպէ՞ս օգտակար դարձած է Թագաւորութեան գործին եւ Աստուծոյ ժողովուրդին։
ԴԻՏԷ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻԻՆ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԻՒՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Եհովայի վկաները ի՞նչ օրինական խնդիրներ ունեցած են։
-
Ի՞նչ օրինական յաղթանակներ ունեցած ենք. օրինակ տուր։
-
Ամէն մէկս ի՞նչ կրնայ ընել որ բարի լուրը ‘պաշտպանէ եւ օրինապէս հաստատէ’։
-
Մեր կայքին մէջ ո՞ւր կրնանք գտնել այն Եհովայի վկաներուն ցանկը, որոնք բանտարկուած են իրենց հաւատքին համար, ինչպէս նաեւ՝ տեղեկութիւններ այն օրինական զարգացումներուն մասին, որոնք կ’ազդեն Աստուծոյ ժողովուրդին։