Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Կրնա՛ք ձեր ընտանիքը ուրախ պահելու մէջ բաժին բերել

Կրնա՛ք ձեր ընտանիքը ուրախ պահելու մէջ բաժին բերել

Եհովան կ’ուզէ որ ընտանիքները ուրախ ըլլան (Սաղ. 127։3-5. Ժող. 9։9. 11։9)։ Բայց կրնայ ըլլալ որ մեր ուրախութիւնը կորսնցնենք այս աշխարհին պատճառած սթրես–ին եւ մեր ընտանիքի անդամներուն սխալներուն ետեւէն։ Լաւ ասանկ պարագայի, ընտանիքի ամէն մէկ անդամ ի՞նչ կրնայ ընել։

Ամուսին մը իր կինը կը պատուէ (Ա. Պետ. 3։7)։ Անոր հետ ժամանակ կ’անցընէ։ Ան իր կնոջ հանդէպ ունեցած իր ակնկալութիւններուն մէջ տրամաբանական է եւ կ’արժեւորէ ամէն բան որ իր կինը կ’ընէ իրեն եւ ընտանիքի անդամներուն համար (Կող. 3։15)։ Ան իր կնոջ իր սէրը կ’արտայայտէ եւ կը գովէ (Առ. 31։28, 31

Կին մը կերպեր կը փնտռէ իր ամուսինին օգնելու համար (Առ. 31։12)։ Ան իր ամուսինին կ’ենթարկուի եւ անոր հետ ուս–ուսի կ’աշխատի (Կող. 3։18)։ Ան ազնիւ ոճով կը խօսի իր ամուսինին հետ եւ անոր մասին (Առ. 31։26

Ծնողները իրենց զաւակներուն հետ ժամանակ կ’անցընեն (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Անոնք իրենց զաւակներուն կ’ըսեն թէ զիրենք կը սիրեն (Մատ. 3։17)։ Անոնք իրենց զաւակները սիրով եւ խորատեսութեամբ կը կրթեն (Եփ. 6։4

Զաւակները իրենց ծնողները կը պատուեն եւ անոնց կը հնազանդին (Առ. 23։22)։ Անոնք իրենց ծնողներուն կ’արտայայտեն իրենց մտածումներն ու զգացումները։ Անոնք իրենց ծնողներուն կրթութիւնը կ’ընդունին եւ զիրենք կը յարգեն (Առ. 19։20

ԴԻՏԷ ՁԵՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ԳՏԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ.

Ընտանիքի ամէն մէկ անդամ ի՞նչ ըրաւ, որ բոլորը ուրախ ըլլան։