ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ի՞նչ նպատակակէտեր դրած ես ծառայութեան նոր տարուան համար
Հոգեւոր նպատակակէտերուն մէջ կ’իյնայ ամէն բան որ կ’ընենք՝ որ Եհովային լիովին ծառայենք եւ իր սիրտը ուրախացնենք։ Անոնք մեզի կ’օգնեն, որ հասուն քրիստոնեաներ դառնանք։ Ատոր համար կ’արժէ՛ այդ նպատակակէտերուն հասնելու համար մեր ժամանակը եւ ուժը զոհել (Ա. Տիմ. 4։15)։ Ինչո՞ւ պէտք է կանոնաւորաբար մեր նպատակակէտերը աչքէ անցընենք։ Քանի որ մեր պարագաները կը փոխուին։ Անցեալին դրուած նպատակակէտ մը թերեւս այլեւս տրամաբանական չ’ըլլայ կամ ալ թերեւս ատոր հասած ենք եւ հիմա ժամանակն է՝ նոր նպատակակէտ դնելու։
Ծառայութեան նոր տարուան սկիզբը ամէնէն լաւ ժամանակն է՝ մեր նպատակակէտերը աչքէ անցընելու։ Կրնաք ընտանեկան պաշտամունք ունենալ ասոր մասին եւ կարգ մը անձնական ու ընտանեկան նպատակակէտեր դնել։
Ի՞նչ նպատակակէտեր դրած ես այս մարզերուն մէջ եւ ի՞նչ քայլեր կրնաս առնել՝ անոնց հասնելու համար։
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն, անձնական սերտողութիւն, ժողովի ներկայ ըլլալ, ժողովին պատասխանել (դ02 7/1 13 ¶14-15)
Դաշտի ծառայութիւն (դ23.05 27 ¶4-5)
Քրիստոնէավայել յատկութիւններ (դ22.04 23 ¶5-6)
Ուրիշ.