Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Սեպտեմբերին յատուկ քարոզարշաւ՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանելու համար

Սեպտեմբերին յատուկ քարոզարշաւ՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանելու համար

Սեպտեմբերին, յատուկ ջանք պիտի ընենք որ մարդոց ցոյց տանք որ իրենց խնդիրներուն միակ լուծումը Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է (Մատ. 24։14)։ Ինչպէ՞ս կրնաս մասնակցիլ։ Ամսուան ընթացքին, Աստուծոյ Թագաւորութեան վերաբերեալ համար մը կարդա՛ կարելի եղածին չափ շատերու։ Երբ մէկը հետաքրքրուի, առաջարկէ՝ Դիտարան 2020–ի թիւ 2–ը։ Ետքը, կարելի եղածին չափ շուտ անհատին այցելէ եւ փորձէ սկսիլ հետը Աստուածաշունչը սերտել՝ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքոյկով։ Անոնք՝ որոնք սեպտեմբերին օժանդակ ռահվիրայութիւն պիտի ընեն կրնան ընտրել 15 կամ 30 ժամ ծառայել։

Մօտ օրէն, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի կործանէ բոլոր կառավարութիւնները, որոնք իրեն կը հակառակին (Դան. 2։44. Ա. Կոր. 15։24, 25)։ Ուրեմն, այս յատուկ առիթը լաւագոյն կերպով օգտագործենք, որ ցոյց տանք որ Եհովային եւ իր Թագաւորութեան կողմը դիրք բռնած ենք։