Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Եհովային հաւատարիմ սէրը ընդօրինակէ

Եհովային հաւատարիմ սէրը ընդօրինակէ

Եհովան հաւատարիմ սէր ցոյց տալու մէջ հոյակապ օրինակ է (Սաղ. 103։11)։ Այդ սէրը անցողական զգացում մը չէ, որ շատ արագ կ’անհետանայ։ Հաւատարիմ սէրը խոր եւ մնայուն կապուածութիւն է։ Եհովան իր այս յատկութիւնը իր ժողովուրդին՝ իսրայէլ ազգին՝ ցոյց տուաւ շատ մը կերպերով։ Ան զանոնք ազատեց ստրկութենէ՝ Եգիպտոսէն Աւետեաց երկիր բերելով (Սաղ. 105։42-44)։ Ան անոնց համար պատերազմեցաւ եւ կրկին անգամ անոնց ներեց՝ երբ մեղանչեցին (Սաղ. 107։19, 20)։ Երբ որ ուշի–ուշով մտածենք Եհովային «հաւատարիմ սիրոյն գործեր»ուն մասին, կը քաջալերուինք զինք ընդօրինակելու (Սաղ. 107։43, ՆԱ

ԴԻՏԷ ՈՒՇԻ–ՈՒՇՈՎ ՄՏԱԾԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ «ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՍԻՐՈՅՆ ԳՈՐԾԵՐ»ՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ի՞նչ կերպերով կրնանք հաւատարիմ սէր ցոյց տալ։

  • Հաւատարիմ սէր ցոյց տալը ինչո՞ւ զոհողութիւններ ընել կը պահանջէ։