Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Անոնք ծանր կ’աշխատին, որ մեզի ծառայեն

Անոնք ծանր կ’աշխատին, որ մեզի ծառայեն

Շրջանային տեսուչները եւ իրենց կիները անձնազոհ սէր ցոյց կու տան բոլոր անոնց հանդէպ՝ որոնց կը ծառայեն։ Մեզի պէս, անոնք անձնական պէտքեր ունին. եւ երբեմն յոգնած, յուսահատ եւ նեղուած կը զգան (Յակ. 5։17)։ Հակառակ ասոր, ամէն շաբաթ անոնք կը կեդրոնանան իրենց այցելած ժողովքին եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերելու վրայ։ Իրապէս, շրջանային տեսուչները «կրկին պատիւի արժանի» են (Ա. Տիմ. 5։17

Երբ Պօղոս առաքեալ կը ծրագրէր Հռոմ այցելել, որ «հոգեւոր պարգեւ» փոխանցէր այդտեղի ժողովքին, ան անհամբեր կը սպասէր ‘փոխադարձ քաջալերութեան’ (Հռով. 1։11, 12, ՆԱ)։ Արդեօք մտածա՞ծ ես ինչպէ՛ս քաջալերել շրջանային տեսուչը եւ իր կինը, եթէ ան ամուսնացած է։

ԴԻՏԷ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՏԵՍՈՒՉ ՄԸ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ԿՂԶԻ ՄԸ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ի՞նչ կերպերով շրջանային տեսուչները եւ անոնց կիները անձնազոհ սէր ցոյց կու տան ժողովքին հանդէպ։

  • Անձամբ ինչպէ՞ս օգտուած ես անոնց թափած ջանքերէն։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք շրջանային տեսուչը եւ իր կինը քաջալերել։