Յուլիս 15-21
ՍԱՂՄՈՍ 63-65
Երգ 18 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. «Քու ողորմութիւնդ կեանքէն աղէկ է»
(10 վրկ.)
Եհովային հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալը կեանքէն աւելի թանկագին է (Սաղ. 63։3. դ01 10/15 15-16 ¶17-18)
Եհովային հաւատարիմ սիրոյն վրայ խոկալը մեզի կ’օգնէ որ զինք աւելի գնահատենք (Սաղ. 63։6. դ19.12 28 ¶4. դ15 10/15 24 ¶7)
Եհովային հաւատարիմ սէրը արժեւորելը մեզ կը մղէ որ իր սիրտը ուրախացնենք (Սաղ. 63։4, 5. դ09 7/1 25 ¶6)
ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿ. Քննարկէ կերպեր, որոնց միջոցաւ Եհովան քեզի հաւատարիմ սէր ցոյց տուած է։
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
-
Սաղ. 64։3. Այս համարը ինչպէ՞ս մեզ կը մղէ որ մեր խօսակցութիւնը դրական պահենք (դ07-ԱՐ 11/15 15 ¶6)։
-
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Սաղ. 63։1–64։10 (կս դաս 12)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(2 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Տանտէրը քու լեզուդ չի խօսիր (մսա դաս 3 կէտ 4)։
5. Խօսակցութիւն սկսիլ
(2 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Խօսակցութիւնը վերջ կը գտնէ առաջ որ վկայես (մսա դաս 2 կէտ 4)։
6. Խօսակցութիւն սկսիլ
(3 վրկ.) ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Տես թէ անձը ի՛նչ նիւթով հետաքրքրուած է, եւ կարգադրութիւններ տես որ իրեն վերայցելես (մսա դաս 1 կէտ 5)։
7. Հաւատալիքներդ բացատրել
(4 վրկ.) Ցուցադրութիւն։ կյհ 51։ Նիւթ՝ Եհովայի վկաները ինչո՞ւ նորէն կ’այցելեն մարդոց, որոնք արդէն ըսած են՝ «Հետաքրքրուած չեմ» (մսա դաս 4 կէտ 3)։
Երգ 154
8. Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք որ Աստուած կը սիրենք
(15 վրկ.) Քննարկութիւն։
Եհովան լեցուն է «ողորմութիւնով»,– այսինքն՝ հաւատարիմ սիրով (Սաղ. 86։15)։ Ի՞նչ ըսել է հաւատարիմ սէր։ Եթէ մէկը հաւատարիմ սէր ունի, ան ուրիշ անձ մը այնքա՛ն կը սիրէ, որ պիտի շարունակէ զինք սիրել եւ հաւատարմօրէն իր կողքին պիտի մնայ։ Ճիշդ է որ Եհովան սէր ցոյց կու տայ բոլոր մարդոց հանդէպ, բայց ան «հաւատարիմ սէր» ունի իր ծառաներուն հանդէպ, որոնք յատուկ փոխյարաբերութիւն ունին իրեն հետ (Սաղ. 33։18. 63։3. Յովհ. 3։16. Գործք 14։16)։ Մենք ցոյց կու տանք որ Եհովային «հաւատարիմ սէրը» կը գնահատենք, երբ որ մենք ալ զինք սիրենք։ Ինչպէ՞ս։ Երբ որ իր խօսքերուն հնազանդինք՝ մէջը ըլլալով ‘աշակերտելու’ պատուէրին (Մատ. 28։19. Ա. Յովհ. 5։3)։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ Ծառայութեան մէջ ցուցաբերեցէք այնպիսի սէր՝ որ բնա՛ւ չ’իյնար։ Ետքը, ներկաներուն հարցուր.
Ինչպէ՞ս սէրը կրնայ մեզ մղել որ քարոզենք, երբ. . .
-
յոգնած ըլլանք։
-
հակառակութիւն դիմագրաւենք։
-
մեր առօրեայ գործերը կ’ընենք։
9. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 12 ¶1-6, դասին վիտէոն եւ 12Ա տուփը։