Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յուլիս 29–⁠Օգոստոս 4

ՍԱՂՄՈՍ 69

Յուլիս 29–⁠Օգոստոս 4

Երգ 5 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. Սաղմոս 69–ն ի՞նչ մարգարէացաւ Յիսուսին կեանքի դէպքերուն մասին

(10 վրկ.)

Յիսուս առանց պատճառի պիտի ատուէր (Սաղ. 69։4. Յովհ. 15։24, 25. դ11 8/1 13 ¶17)

Յիսուս նախանձախնդիր պիտի ըլլար ճշմարիտ պաշտամունքին (Սաղ. 69։9. Յովհ. 2։13-17. դ10 12/1 15 ¶7-8)

Յիսուս սաստիկ նեղութենէ պիտի անցնէր եւ իրեն լեղիով խառնուած քացախ պիտի տրուէր (Սաղ. 69։20, 21. Մատ. 27։34. Ղուկ. 22։43, 44. Յովհ. 19։34. զ95-ԱՐ 10/22 31 ¶4. խա-2-ԱՐ «Թունաւոր բոյսը»)


ԽՈԿԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ. Եհովան ինչո՞ւ Մեսիային մասին մարգարէութիւններ պարփակեց Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Սաղ. 69։30, 31. Այս համարները մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնեն, որ մեր աղօթքները բարելաւենք (դ99 2/1 15 ¶11

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Համբերող եղիր. Յիսուսին օրինակը

(7 վրկ.) Քննարկութիւն։ Դիտել տուր ՎԻՏԷՈՆ, եւ ետքը քննարկէ մսա դաս 8 կէտեր 1-2։

5. Համբերող եղիր. Յիսուսին օրինակը

(8 վրկ.) Քննարկութիւն։ մսա դաս 8 կէտեր 3-5 եւ «Տե՛ս նաեւ»։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 88

6. Տեղական կարիքներ

(5 վրկ.)

7. Ընտանեկան պաշտամունքի համար սկզբունքներ

(10 վրկ.) Քննարկութիւն։

Յունուար 2009–ին, Ժողովքի գիրքի ուսումնասիրութիւնը միացաւ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին ու Ծառայութեան ժողովին եւ դարձաւ մէկ ժողով՝ միջշաբաթային ժողովը։ Ասիկա ընտանիքներուն առիթը տուաւ, որ ամէն շաբաթ ընտանեկան պաշտամունք ունենան։ Շատեր գնահատեցին այս կարգադրութիւնը, քանի որ ասիկա իրենց օգնեց, որ Եհովային եւ իրարու աւելի մօտենան (Բ. Օր. 6։6, 7

Ի՞նչ են կարգ մը սկզբունքներ, որոնք կրնան ընտանիքներու գլուխներուն օգնել, որ յաջող ընտանեկան պաշտամունք ունենան։

  • Կանոնաւոր պահէ։ Եթէ կարելի է, ամէն շաբաթ ընտանեկան պաշտամունքը ընելու համար ժամանակ մը որոշէ։ Եթէ անակնկալ պարագաներէ անցնիք, պատրաստ եղիր ուրիշ օր պաշտամունքը ընելու։

  • Պատրաստութիւններ տես։ Կնոջդ կարծիքը առ եւ ատեն–ատեն պզտիկներէդ առաջարկներ խնդրէ։ Պէտք չկայ երկար–բարակ պատրաստութիւններ տեսնելու, մանաւանդ եթէ ընտանիքդ կը սիրէ ամէն շաբաթ յայտագրին կարգ մը մասերը միշտ ունենալ։

  • Յայտագիրը ընտանիքիդ յարմարցուր։ Մինչ պզտիկները կը մեծնան, անոնց պէտքերը եւ կարողութիւնները կը փոխուին։ Յայտագիրը պէտք է ընտանիքիդ բոլոր անդամներուն օգնէ որ հոգեւորապէս աճին։

  • Սիրալիր եւ հանգիստ մթնոլորտ պահէ։ Երբ օդը լաւ ըլլայ, կրնաք թերեւս դուրսը սերտել։ Դադար առէք, երբ պէտք ըլլայ։ Լաւ կ’ըլլայ ատեններ խօսիք ձեր պզտիկներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, բայց ընտանեկան պաշտամունքը կրթութեան ժամանակ մի՛ սեպէք։

  • Տարբեր–տարբեր յայտագիրներ պատրաստէ։ Օրինակ, կրնաք յաջորդ ժողովի յայտագիրէն մաս մը միասին պատրաստել, jw.org կայքէն վիտէօ մը դիտել եւ քննարկել, կամ ծառայութեան համար փորձեր ընել։ Ճիշդ է որ քննարկութիւնները ընտանեկան պաշտամունքի գլխաւոր մասը պէտք է ըլլան, բայց ընտանիքի անդամները կրնան որոշ ժամանակ մըն ալ յատկացնել անձնական ուսումնասիրութիւն ունենալու։

Այս հարցումը քննարկէ.

  • Ինչպէ՞ս փորձեցիք այս սկզբունքները գործադրել ձեր ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 121 եւ աղօթք