Ներկայացումի նմոյշներ
ԴԻՏԱՐԱՆ
Հարցում։ Ձեր կարծիքով, եթէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ կողմէ է, պէտք չէ՞ որ անիկա գոյատեւէ, հակառակ որ շատեր կը փորձեն զայն բնաջնջել։
Համար։ Եսա. 40։8
Ներկայացում։ Այս յօդուածաշարքը կը խօսի Աստուածաշունչին գոյատեւման հետաքրքրական պատմութեան մասին։
ԴԻՏԱՐԱՆ (վերջին էջ)
Հարցում։ Կը փափաքիմ ձեր կարծիքը առնել այս հարցումին շուրջ։ [Կարդա՛ 16–րդ էջին առաջին հարցումը։] Ոմանք կը հաւատան որ մա՛րդը ստեղծած է կրօնքը։ Ուրիշներ կը կարծեն որ Աստուած կրօնքը կը գործածէ որ մեզի իրեն մօտեցնէ։ Դո՞ւք ինչ կ’ըսէք։
Համար։ Յակ. 1։27
Ներկայացում։ Այս յօդուածը կը բացատրէ թէ Աստուածաշունչը ուրիշ ի՛նչ կ’ըսէ այս նիւթին շուրջ։ Ուրախ պիտի ըլլամ եթէ գալ անգամ գամ եւ միասնաբար նկատի առնենք այս յօդուածէն կարգ մը կէտեր։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿՈՂՄԷ ՈՒՐԱԽ ԼՈՒՐԵՐ
Հարցում։ Շատեր կը կարծեն որ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններ կարդալը կը նմանի թերթ մը կարդալուն։ Այս մարգարէացուած վիճակներէն ո՞ր մէկը տեսած կամ անոր մասին լսած էք։
Համար։ Բ. Տիմ. 3։1-5
Ներկայացում։ Այս գրքոյկը կը բացատրէ թէ այս վիճակները իրականութեան մէջ ինչո՛ւ ուրախ լուրեր են Աստուած սիրողներուն համար։ [Տանտիրոջ ուշադրութեան յանձնէ առաջին գլխուն երկրորդ հարցումը։]
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ
Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։