«Դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի աղէկ էք»
Յիսուս ինչի՞ մասին կը խօսէր, երբ Ղուկաս 12։6, 7–ի խօսքերը յիշեց։ 4–րդ համարին մէջ կը կարդանք, թէ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ, որ չվախնան անոնցմէ՝ որոնք թերեւս իրենց հակառակին կամ նոյնիսկ սպաննեն։ Յիսուս իր աշակերտները կը պատրաստէր այն հակառակութեան, որ յետագային պիտի դիմագրաւէին։ Ան անոնց վստահեցուց, որ Եհովան իր ամէն մէկ ծառան կ’արժեւորէ եւ թոյլ պիտի չտայ որ անոնց մնայուն վնաս հասնի։
Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային պէս հոգատար ըլլալ հալածուողներուն հանդէպ։
Ուրկէ՞ կրնանք այժմէական տեղեկութիւններ գտնել իրենց հաւատքին համար բանտարկուած Եհովայի վկաներուն մասին։
Քանի՞ եղբայրներ եւ քոյրեր բանտարկուած են։