Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂՈՒԿԱՍ 8-9

Յիսուսին ետեւէն երթալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք

Յիսուսին ետեւէն երթալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք

9։62

Շիտակ ակօսներ բանալու համար, հերկողը պէտք չէր ետեւ նայէր, որ իր ուշադրութիւնը չցրուէր։ Նոյնպէս, քրիստոնեան պէտք չէ թոյլ տայ, որ իր ետին ձգած բաները իր ուշադրութիւնը ցրուեն (Փլպ. 3։13

Երբ դժուարութիւններ ունենանք, դիւրին է փնտռել ‘լաւ՝ հին օրերը’. օրինակ՝ ճշմարտութենէն առաջ մեր ունեցած կեանքը։ Երբ այդպէս մտածենք, շատ անգամ կը չափազանցենք անցեալին մեր վայելած ուրախութիւնները եւ կը նուազեցնենք այդ օրերուն մեր ունեցած խնդիրները։ Իսրայէլացիները ճիշդ այդպէս սկսան մտածել Եգիպտոսէն դուրս ելլելէն ետք (Թւ. 11։5, 6)։ Եթէ մենք այսպէս մտածենք, կրնանք մեր անցեալի ապրելակերպին վերադառնալու վտանգին մէջ իյնալ։ Ի՛նչ լաւ կ’ըլլայ, որ մտածենք հիմա՛ մեր վայելած օրհնութիւններուն մասին եւ կեդրոնանանք այն ուրախութեան վրայ, որ ապագային Թագաւորութեան ներքեւ պիտի վայելենք (Բ. Կոր. 4։16-18