Ներկայացումի նմոյշներ
ԶԱՐԹԻ՛Ր
Ներկայացում։ Զարթի՛ր–ի այս թիւը հետաքրքրական նիւթի մը մասին կը խօսի։ [Պարբերաթերթէն օրինակ մը տուր տանտիրոջ։]
Հարցում։ Գիտէի՞ք թէ Եհովայի վկաները հրատարակութիւններ կը թարգմանեն աւելի քան 750 լեզուներով։
Համար։ Յայտ. 14։6
ԶԱՐԹԻ՛Ր
Հարցում։ Կը կարծէ՞ք թէ այս յօդուածը օգտակար է, երբ ամուսնացած զոյգ մը խնդիրներու առջեւ ըլլայ։
Համար։ Յակ. 1։19
Ներկայացում։ [Ակնարկէ 10–րդ էջի յօդուածին։] Այս յօդուածը նկատի կ’առնէ այս նիւթին նկատմամբ աստուածաշնչական յաւելեալ սկզբունքներ։
ԹԵՐԹԻԿՆԵՐ
Հարցում։ Նկատի առէք այս հարցումը։ [Կողքի հարցումը կարդա՛ իր հաւանական պատասխաններով։]
Համար։ [Նշուած է թերթիկին 2–րդ էջին վրայ։]
Ներկայացում։ Այս թերթիկը կը բացատրէ թէ այս համարը ի՛նչ կրնայ նշանակել ձեզի համար։
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ
Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։