ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Թագաւորութեան առաջին 100 տարին
Անոնք՝ որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքացիները ըլլալ, պէտք է կարելի եղածին չափ սորվին Թագաւորութեան եւ անոր իրագործումներուն մասին։ Ինչո՞ւ։ Ասիկա ոչ միայն անոնց հաւատքը պիտի աւելցնէ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛, այլեւ զիրենք պիտի մղէ որ ուրիշներուն պատմեն Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին մասին (Սաղ. 45։1. 49։3)։ Մինչ Թագաւորութեան առաջին 100 տարին տեսաերիզը կը դիտես, հետեւեալ հարցումներուն պատասխանները գտիր.
-
Ինչո՞ւ «Ստեղծագործութեան պատկերատրամը» օրհնութիւն մըն էր զայն դիտողներուն համար։
-
Ռատիոն ինչպէ՞ս գործածուեցաւ բարի լուրը մարդոց հասցնելու համար։
-
Ուրիշ ի՞նչ մեթոտներ գործածուեցան բարի լուրը քարոզելու համար եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
-
Ծառայելու համար մարզուիլը տարիներու ընթացքին ինչպէ՞ս բարելաւուած է։
-
Գաղաադի դպրոցին աշակերտները ի՞նչ գործնական մարզում ստացան։
-
Համաժողովները ի՞նչ դեր խաղցած են Եհովային ժողովուրդը ուսուցանելու մէջ։
-
Ի՞նչ բան քեզի կը փաստէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ։
-
Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան կ’աջակցինք։