Եհովան կոտրած սիրտը պիտի չմերժէ
Դաւիթ գրեց Սաղմոս 51–ը, երբ Նաթան մարգարէն իրեն ուշադրութեան յանձնեց Բերսաբէի հետ գործած իր լուրջ մեղքը։ Դաւիթին խիղճը տանջեց եւ ան խոնարհաբար ընդունեց իր մեղքը (Բ. Թագ. 12։1-14)։
Թէեւ Դաւիթ մեղանչեց, բայց տակաւին կրնար հոգեւորապէս ապաքինիլ
-
Զղջալէ եւ խոստովանելէ առաջ, իր խիղճը զինք վհատեցուց
-
Ան այնքա՛ն ցաւ զգաց Աստուծոյ տհաճութեան արժանացած ըլլալուն համար, որ զգաց թէ կը նմանէր տղամարդու մը, որուն ոսկորները կոտրած էին
-
Ան կը տենչար ներողամտութիւն ստանալ, հոգեւորապէս ապաքինիլ եւ առաջուան ուրախութիւնը վերագտնել
-
Ան խոնարհաբար Եհովային աղաչեց որ իրեն օգնէ, որ հնազանդելու յօժարակամ ըլլայ
-
Ան վստահ էր որ Եհովան իրեն պիտի ներէր