ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
«Աստուած ինծի օգնական է»
Սաղմոս 52-59–ն կ’արտայայտեն Դաւիթի զգացումները իր կեանքի դժուար հանգրուաններուն. բայց ան տակաւին Եհովային վստահեցաւ (Սաղ. 54։4. 55։22)։ Ան նաեւ Եհովան գովեց իր խօսքին համար (Սաղ. 56։10)։ Մենք ալ Աստուծոյ հանդէպ նոյնանման հաւատք եւ վստահութիւն կը դրսեւորե՞նք։ Երբ դժուարութիւններ կը դիմագրաւենք, իր Խօսքին կ’անսա՞նք (Առ. 2։6)։ Աստուածաշունչի ո՞ր համարները քեզի օգնեցին, երբ. . .
-
վհատած կամ ընկճուած էիր։
-
հիւանդ էիր։
-
ուրիշներու կողմէ հակառակութիւն կը դիմագրաւէիր։
-
կը հալածուէիր։