Եհովային վստահէ եւ բարիք ըրէ
«Անօրէնութիւն գործողներուն մի՛ նախանձիր»
-
Թոյլ մի՛ տար որ չար մարդոց ժամանակաւոր յաջողութիւնը քեզ շեղեցնէ Եհովային ծառայութենէն։ Կեդրոնացա՛ծ մնա հոգեւոր օրհնութիւններու եւ նպատակակէտերու վրայ
«Տէրոջը յուսա՛ ու բարութիւն ըրէ՛»
-
Վստահ եղիր որ Եհովան քեզի պիտի աջակցի, երբ կասկածներ կամ մտահոգութիւններ ունենաս։ Ան քեզի պիտի օգնէ որ հաւատարիմ մնաս
-
Զբաղած մնա Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով
«Տէրոջմով ուրախացիր»
-
Ժամանակ յատկացուր Աստուծոյ Խօսքը կարդալու եւ խոկալու, այն նպատակով որ Եհովան աւելի լաւ ճանչնաս
«Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ»
-
Ամբողջովին վստահ եղիր թէ Եհովան քեզի պիտի օգնէ որ որեւէ խնդիրի հետ գլուխ ելլես
-
Լաւ վարք պահպանէ հակառակութեան, հալածանքի կամ վարկաբեկումի դիմաց
«Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր սպասէ՛»
-
Խուսափէ անխոհեմ արարքներէ, որոնք կրնան ուրախութիւնդ խլել եւ Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ քանդել
«Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը»
-
Ջանա՛ հեզ ըլլալ եւ խոնարհաբար սպասէ Եհովային, որ վերացնէ որեւէ անարդարութիւն որ կը դիմագրաւես
-
Հաւատակիցներուն աջակցէ եւ ընկճուածները մխիթարէ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին յոյսով, որ շատ մօտ է