Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Տեսաերիզներ գործածել՝ սորվեցնելու համար

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Տեսաերիզներ գործածել՝ սորվեցնելու համար

ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։

Տեսաերիզները կրնան մարդոց սրտին դպչիլ՝ կոչ ընելով իրենց տեսանելիք եւ լսելիք զգայարանքներուն, ինչ որ իրենց ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ եւ լաւ տպաւորութիւն պիտի ձգէ իրենց վրայ։ Եհովան լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ տեսողական միջոցներով սորվեցնելու մէջ (Գործք 10։9-16. Յայտ. 1։1

Աստուած անուն ունի՞, Ո՞վ է Աստուածաշունչին հեղինակը եւ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուածաշունչը ճշգրիտ է տեսաերիզները մաս կը կազմեն Ուրախ լուրեր գրքոյկին 2–րդ եւ 3–րդ դասերուն։ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ եւ Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ տեսաերիզները անհատները կը քաջալերեն որ մեզի հետ Աստուածաշունչը սերտեն կամ ժողովքային հանդիպումներու ներկայ գտնուին։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու ընթացքին կարելի է նաեւ մեր սովորական տեսաերիզներէն ոմանք գործածել (թծ 5/13 էջ 3

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԳՈՐԾԱԾԵԼ։

  • Կանխաւ բեռնէ այն տեսաերիզը որ կ’ուզես տանտիրոջ ցոյց տալ

  • Պատրաստէ մէկ կամ երկու հարցում, որոնց տեսաերիզը պիտի պատասխանէ

  • Տանտիրոջ հետ դիտէ տեսաերիզը

  • Քննարկէ գլխաւոր կէտերը

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ։

  • Մեր թերթիկներէն մէկուն վերջին էջը դարձուր եւ ուշադրութեան յանձնէ ծածկագիրը, որ կ’ուղղէ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել տեսաերիզին

  • Դիտել տուր Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուածաշունչը ճշգրիտ է տեսաերիզը եւ ներկայացուր Ուրախ լուրեր գրքոյկը, ուշադրութեան յանձնելով 3–րդ դասը