ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն ամէն կերպով օգնեցէք որ Եհովային հաւատարիմ ծառաները դառնան
Աստուածավախ ծնողներ խոր փափաք ունին որ իրենց զաւակները Եհովային հաւատարիմ ծառաները դառնան։ Բայց անոնք այդ նպատակին կը հասնին, եթէ անոնց մանկութենէն իսկ Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածը անոնց սրտին մէջ դրոշմեն (Բ. Օր. 6։7. Առ. 22։6)։ Ասիկա ծնողներէն զոհողութիւն կը պահանջէ։ Բայց լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար կ’արժէ ամէն ջանք թափել (Գ. Յովհ. 4)։
Ծնողները շատ բան կրնան սորվիլ Յովսէփէն ու Մարիամէն։ Անոնք «ամէն տարի զատկի տօնին Երուսաղէմ կ’երթային», հակառակ անոր որ ասիկա ջանքի կը կարօտէր եւ ծախսի կը նայէր (Ղուկ. 2։41)։ Բայց անոնք իրենց ընտանիքին հոգեւոր պէտքերը առաջի՛ն տեղը դրին։ Նոյնպէս, ներկայիս ծնողներ կրնան իրենց զաւակները ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդել, եթէ ամէն առիթ օգտագործեն անոնց սորվեցնելու թէ՛ խօսքով եւ թէ իրենց օրինակով (Սաղ. 127։3-5)։
ԴԻՏԷ ԱՆՈՆՔ ԱՄԷՆ ԱՌԻԹ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՑԻՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Ճօն եւ Շէրըն Շիլըրները ինչպէ՞ս Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դրին մինչ զաւակներ կը մեծցնէին։
-
Ծնողները ինչո՞ւ պէտք է որ ամէն մէկ զաւակ անոր կարիքին համաձայն կրթեն։
-
Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակները պատրաստել, որ յաջողութեամբ դիմագրաւեն այն դժուար պարագաները, որոնք իրենց հաւատքը կը փորձեն։
-
Եհովային կազմակերպութեան հայթայթած ո՞ր գործիքներով զաւակներուդ օգնած ես որ հոգեւորապէս աճին։