ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ընկերային ցանցերու ծուղակներէն զգուշացիր
ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։ Ընկերային ցանցերը կրնան կա՛մ օգտակար ըլլալ կամ ալ՝ վնասակար։ Կարգ մը քրիստոնեաներ կը նախընտրեն ընկերային ցանցեր չգործածել։ Իսկ ուրիշներ կը գործածեն զանոնք ընտանիքի եւ ընկերներու հետ կապ պահելու համար։ Բայց Սատանան կ’ուզէ որ ընկերային ցանցերը անմտութեամբ գործածենք, ինչ որ կրնայ մեր համբաւին եւ հոգեւորութեան վնասել։ Յիսուսին պէս, կրնանք Աստուծոյ Խօսքին սկզբունքներուն ընդմէջէն վնասակար բաները տեսնել եւ անոնցմէ հեռու կենալ (Ղուկ. 4։4, 8, 12)։
ԾՈՒՂԱԿՆԵՐ ՈՐՈՆՑՄԷ ՊԷՏՔ Է ԶԳՈՒՇԱՆԱՍ։
-
Ընկերային ցանցերը շա՛տ գործածել։ Երբ մեր ժամանակին մեծ մասը տրամադրենք ընկերային ցանցեր գործածելու, հոգեւոր հետապնդումներու համար տրամադրելիք մեր թանկագին ժամանակը կը կորսնցնենք։
Սկզբունքներ։ Եփ. 5։15, 16. Փլպ. 1։10
-
Հարցական բաներ դիտել։ Գրգռիչ նկարներ դիտելը կրնայ պատճառ դառնալ, որ պոռնկագրութեան մոլին դառնանք կամ անբարոյութիւն գործենք։ Իսկ հաւատուրացներուն նիւթերը կարդալը կրնայ մեր հաւատքին վնասել։
Սկզբունքներ։ Մատ. 5։28. Փլպ. 4։8
-
Անվայել խօսքեր կամ նկարներ դնել։ Քանի՛ որ սիրտը խաբեբայ է, մէկը կրնայ հակումը ունենալ ընկերային ցանցերուն վրայ անվայել խօսքեր գրելու կամ անվայել նկարներ դնելու, ինչ որ իր համբաւին կը վնասէ կամ պատճառ կը դառնայ որ ուրիշներ հոգեւորապէս տկարանան։
Սկզբունքներ։ Հռով. 14։13. Եփ. 4։29
ԴԻՏԷ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՐԾԱԾԷ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ՅԵՏՈՅ ԳՐԻ ԱՌ ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿՐՆԱՍ ԱՅՍ ԾՈՒՂԱԿՆԵՐԷՆ ԶԳՈՒՇԱՆԱԼ.