ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Քրիստոսի քայլերուն մօտէն հետեւէ
Յիսուս լաւ օրինակ է, որուն կրնանք հետեւիլ, մանաւանդ երբ փորձութիւն կամ հալածանք կը դիմագրաւենք (Ա. Պետ. 2։21-23)։ Թէեւ ան նախատուեցաւ, բայց բնա՛ւ վրէժ չառաւ,– նոյնիսկ երբ կը չարչարուէր (Մար. 15։29-32)։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ տոկայ։ Ան վճռեց Եհովային կամքը կատարել (Յովհ. 6։38)։ Ան նաեւ կեդրոնացաւ «իր առջեւ կեցած ուրախութեանը» վրայ (Եբ. 12։2)։
Մենք ինչպէ՞ս կը հակազդենք երբ մարդիկ մեր հաւատքին պատճառով մեզի հետ գէշ կերպով կը վարուին։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները բնա՛ւ ‘չարութեան փոխարէն չարութիւն չեն հատուցաներ’ (Հռով. 12։14, 17)։ Երբ Քրիստոսին պէս կը տոկանք չարչարանքի, կրնանք ուրախ ըլլալ, քանի որ Աստուծոյ հաճութիւնը ունինք (Մատ. 5։10-12. Ա. Պետ. 4։12-14)։
ԴԻՏԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՆՈՒՆԸ ՍՐԲԱՑՆԵԼԸ ԱՄԷՆԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱՆՆ Է ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Քոյր Փոցինկըրը ինչպէ՞ս իր ժամանակը իմաստութեամբ գործածեց երբ բանտին մէջ մինակն էր։
-
Փոցինկըր զոյգը ի՞նչ չարչարանքներու տոկաց, մինչ տարբեր համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ էր։
-
Ի՞նչ բան իրենց օգնեց որ տոկան։