Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Եհովային կարծիքը ի՞նչ է

Եհովային կարծիքը ի՞նչ է

Առաջ որ մեծ կամ պզտիկ որոշումներ առնենք, մենք մեզի կը հարցնե՞նք. «Եհովային կարծիքը ի՞նչ է»։ Թէեւ բնա՛ւ չենք կրնար ամէն բան գիտնալ Եհովային մտածումներուն մասին, բայց Ան իր Խօսքին մէջ բաւարար ուղղութիւններ տուած է, որ մեզ «ամէն բարի գործ»ի պատրաստէ (Բ. Տիմ. 3։16, 17. Հռով. 11։33, 34)։ Յիսուս ըմբռնեց Եհովային կամքը եւ զայն առաջին տեղը դրաւ իր կեանքին մէջ (Յովհ. 4։34)։ Թող որ Յիսուսին պէս մեր լաւագոյնը ընենք որ Եհովան հաճեցնող որոշումներ առնենք (Յովհ. 8։28, 29. Եփ. 5։15-17

ԴԻՏԷ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԷՔ ԻՄԱՆԱԼ ԹԷ Ի՞ՆՉ Է ՏԷՐՈՋԸ ԿԱՄՔԸ (ՂԵՒ. 19։18) ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ինչո՞ւ պէտք է Սուրբ Գիրքին սկզբունքները գործադրենք մեր կեանքին մէջ։

  • Սուրբ Գիրքին ո՞ր սկզբունքներուն հիման վրայ պէտք է որոշենք, թէ ո՛ր երգերը եւ երաժշտութիւնը մտիկ պիտի ընենք։

  • Սուրբ Գիրքին ո՞ր սկզբունքներուն հիման վրայ պէտք է որոշենք մեր հագուելակերպը եւ յարդարանքը։

  • Ուրիշ ի՞նչ մարզերու մէջ պէտք է գործադրենք Սուրբ Գիրքին սկզբունքները։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք աւելի լաւ ըմբռնել, թէ Եհովան ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք։

Իմ որոշումներս ի՛նչ կ’ըսեն Եհովային հետ իմ փոխյարաբերութեանս մասին