ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Կրնա՛ս քարոզել եւ սորվեցնել
Սկիզբը Մովսէս կը կասկածէր, որ կրնար Եհովային տուած նշանակումը ընել (Ել. 4։10, 13)։ Դուն ալ այդպէս զգացա՞ծ ես։ Եթէ Սուրբ Գիրքը կը սերտես Եհովայի վկաներուն հետ, բնաւ մտահոգուա՞ծ ես որ օր մը օրանց պիտի կարենաս դռնէ դուռ ծառայել։ Կամ եթէ դպրոց գացող պատանի մըն ես, կը քաշուի՞ս հաւատքիդ մասին խօսելու դպրոցը։ Կամ կրնա՞յ ըլլալ որ կը վախնաս հեռաձայնով վկայելու կամ ուրիշ կերպով մը հանրային վկայութիւն տալու։ Եհովայէն խնդրէ որ իր սուրբ հոգիով զօրացնէ քեզ (Ա. Պետ. 4։11)։ Վստահ եղիր որ ան կրնայ քեզի օգնել որեւէ նշանակումի մէջ որ քեզի կու տայ (Ել. 4։11, 12)։
ԴԻՏԷ ԵՂԻՐ ՔԱՋ. . . ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Քոյր Աօյաման ի՞նչ դժուարութիւն ունէր։
-
Ի՞նչը իրեն օգնեց որ զօրաւոր եւ քաջ ըլլայ (Եր. 20։7-9)։
-
Ան ի՞նչ օգուտներ քաղեց, երբ փորձեց նոր կերպով մը Եհովային ծառայել։
-
Ծառայութեան մէջ ո՞ր դժուարութիւններուն նկատմամբ Եհովան կրնայ օգնել քեզի։