Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Տարեկան համաժողովները առիթներ են որ սէր ցուցնենք

Տարեկան համաժողովները առիթներ են որ սէր ցուցնենք

Ինչո՞ւ համար շատ կը սիրենք տարեկան համաժողովները։ Ինչպէս որ անցեալին Իսրայէլի տօներուն պարագային էր, մեր օրերու համաժողովները մեզի առիթ կու տան, որ Եհովան պաշտենք հարիւրաւոր, նոյնիսկ հազարաւոր, հաւատակիցներու հետ։ Հոն ճոխ հոգեւոր սնունդ կը վայելենք։ Նաեւ կ’ուրախանանք ժամանակ անցընելով մեր բարեկամներուն եւ ընտանիքի անդամներուն հետ։ Մեր խոր գնահատանքը կը ձգէ, որ համաժողովին երեք օրերուն ալ ներկայ ըլլանք։

Երբ առիթ ունենանք միասին հաւաքուելու, պէտք չէ միայն մտածենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք օգտուիլ, հապա նաեւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք սէր ցուցնել ուրիշներուն (Գաղ. 6։10. Եբ. 10։24, 25)։ Օրինակ, երբ դուռը բաց կը բռնենք որ եղբայր մը կամ քոյր մը անցնի, կամ երբ մեզի պէտք չեղող աթոռներ չենք գրաւեր, կը ցուցնենք որ ուրիշներուն շահը կը փնտռենք (Փլպ. 2։3, 4)։ Տարեկան համաժողովները շատ աղուոր առիթներ են, որ նոր բարեկամներ ունենանք։ Կրնանք նպատակ դնել, որ համաժողովէն առաջ կամ վերջ կամ ճաշի դադարի ատեն ծանօթանանք մէկու մը որ չենք ճանչնար (Բ. Կոր. 6։13)։ Այդ բարեկամութիւնները կրնան մինչեւ մեր կեանքին վերջը տեւել։ Ամէնէն կարեւորը, երբ մարդիկ տեսնեն որ մենք ինչպէ՛ս իրարու հանդէպ անկեղծ սէր կ’արտայայտենք, թերեւս որոշեն Եհովային ծառայել (Յովհ. 13։35

ԴԻՏԷ «ՍԷՐԸ ԲՆԱ՛Ւ Չ’ԻՅՆԱՐ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • 2019–ի միջազգային համաժողովներուն ընթացքին ինչպէ՞ս սէր ցուցաբերուեցաւ օտար Վկաներուն հանդէպ։

  • Եհովայի ծառաներուն միջեւ եղած սէրն ու միութիւնը ինչո՞ւ յատուկ է։

  • Կառավարիչ մարմնի անդամները սիրոյ ո՞ր երեսակները աչքառու դարձուցին։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս սէր արտայայտել մեր տարեկան համաժողովներուն ընթացքին

    Քրիստոնէական սէրը ինչպէ՞ս մեր եղբայրները միացուցած է Գերմանիոյ եւ Հարաւային Քորէայի մէջ։

  • Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։