Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուծոյ եւ Քրիստոսին շնորհիւ ապագային ազատութիւն պիտի վայելենք

Աստուծոյ եւ Քրիստոսին շնորհիւ ապագային ազատութիւն պիտի վայելենք

Ամէնօրեայ դժուարութիւններդ ի՞նչ են։ Ընտանիքի գլո՞ւխ մըն ես եւ շատ պատասխանատուութիւննե՞ր ունիս։ Առանձին ծնո՞ղ մըն ես եւ ծա՞նր կ’աշխատիս, որ ընտանիքիդ պէտքերը հոգաս։ Դպրոցակա՞ն մըն ես եւ դասընկերներդ քեզ ծա՞ղր կ’ընեն։ Տարիքով մե՞ծ ես կամ առողջապահական խնդիրնե՞ր ունիս։ Ամէն մարդ խնդիր մը ունի։ Շատեր մէկէ աւելի խնդիրներ ունին։ Բայց մենք գիտենք, որ մօտ ատենէն պիտի ազատինք այս խնդիրներէն (Բ. Կոր. 4։16-18

Մինչ այդ, կրնանք մխիթարուիլ գիտնալով որ Եհովան մեր մղած պայքարը կը հասկնայ, մեր հաւատարմութիւնն ու համբերութիւնը կը գնահատէ եւ լեցուն օրհնութիւններ պահած է մեզի համար (Եր. 29։11, 12)։ Յիսուս ալ անհատապէս հետաքրքրուած է մեզմով։ Մինչ մեր քրիստոնէական պարտականութիւնները կ’ընենք, Յիսուս խոստացած է որ մեզի հետ պիտի ըլլայ (Մատ. 28։20)։ Երբ կենալով կը խոկանք այն ազատութեան վրայ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի բերէ, մեր յոյսը կը զօրանայ եւ աւելի կը վճռենք տոկալ հիմակուան դժուարութիւններուն (Հռով. 8։19-21

ԴԻՏԷ ՄԻՆՉ ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ, ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ ՄՆԱՑԷՔ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՎՐԱՅ. ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՅ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Մարդկութիւնը ինչպէ՞ս հեռացաւ Աստուծմէ, եւ հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։

  • Եհովային հաւատարիմ եղողներուն առջեւ ի՞նչ ապագայ կայ։

  • Այդ հիանալի ապագան ինչպէ՞ս կարելի դարձաւ։

  • Խոստացուած նոր աշխարհին ո՞ր օրհնութիւնները անհամբեր կը սպասես։

Կեանքդ պատկերացուր նոր աշխարհին մէջ