ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ընտրէ Եհովային ծառայել
Եթէ չմկրտուած պատանի ես կամ Աստուածաշունչի աշակերտ, նպատակ դրա՞ծ ես մկրտուելու։ Ինչո՞ւ պէտք է փափաքիս մկրտուիլ։ Նուիրումն ու մկրտութիւնը կը ձգեն, որ յատուկ փոխյարաբերութիւն մը ունենաս Եհովային հետ (Սաղ. 91։1)։ Ատոնք փրկութեան կ’առաջնորդեն (Ա. Պետ. 3։21)։ Ինչպէ՞ս կրնաս յառաջդիմել որ այս քայլերը առնես։
Դուն քեզի փաստէ որ ասիկա ճշմարտութիւնն է։ Երբ հարցումներ ունենաս, պրպտում ըրէ (Հռով. 12։2)։ Տես թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընես, եւ Եհովան հաճեցնելու համար ըրէ՛ այդ փոփոխութիւնները (Առ. 27։11. Եփ. 4։23, 24)։ Միշտ աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ։ Վստահ եղիր որ Եհովան իր հզօր սուրբ հոգիով պիտի զօրացնէ եւ օգնէ քեզի (Ա. Պետ. 5։10, 11)։ Կ’արժէ՛ որ ջանք թափես։ Եհովային ծառայելը լաւագոյն ընթացքն է կեանքի մէջ (Սաղ. 16։11)։
ԴԻՏԷ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՆՈՂ ՃԱՄԲԱՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Կարգ մը անհատներ ի՞նչ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելած են որպէսզի մկրտուին։
-
Ինչպէ՞ս կրնաս հաւատքդ զօրացնել, որպէսզի ինքզինքդ Եհովային նուիրես։
-
Ի՞նչը ոմանց մղած է որ պէտք եղած քայլերը առնեն, որպէսզի որակեալ ըլլան մկրտուելու։
-
Եհովան ինչպէ՞ս կ’օրհնէ այն անձերը, որոնք կ’ընտրեն իրեն ծառայել։
-
Նուիրումը եւ մկրտութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն ունին։