ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Օժանդակ ռահվիրայ պիտի ըլլա՞ս մարտին կամ ապրիլին
Կ’ուզե՞ս Եհովային աւելի ծառայել Յիշատակատօնի շրջանին (Բ. Կոր. 5։14, 15)։ Մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն ընթացքին կրնաս ընտրել 30 կամ 50 ժամ ծառայել։ Եթէ կրնաս այս յատուկ գործունէութեան մասնակցիլ, դիմումնագիր լեցուր եւ տուր Ժողովքի ծառայութեան յանձնախումբին։ Ամէն ամիս ժողովքին պիտի յայտարարուին այն անհատներուն անունները, որոնք հաւանութիւն ստացան ծառայելու որպէս օժանդակ ռահվիրայ։ Այսպիսով, ժողովքը կրնայ ծառայութեան մէջ թիկունք կանգնիլ ռահվիրաներուն։ Թող որ բոլորս Յիշատակատօնի շրջանին ամէն առիթ օգտագործենք, որ քարոզելու մէջ աւելի վարպետ դառնանք եւ իրար քաջալերենք (Ա. Թես. 5։11)։