Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Կազմակերպուած ենք բոլորին քարոզելու

Կազմակերպուած ենք բոլորին քարոզելու

Ճիշդ ինչպէս որ Եհովան իսրայէլացիները կազմակերպեց, ներկայիս ալ իր ժողովուրդը կը կազմակերպէ, որպէսզի իր կամքը կատարեն։ Աշխարհի չորս կողմը մասնաճիւղերը, շրջանները, ժողովքները եւ դաշտի ծառայութեան խումբերը միասին կը համագործակցին, որպէսզի բարի լուրը քարոզուի։ Մենք բոլորին կը քարոզենք, մէջը ըլլալով՝ օտար լեզու խօսողները (Յայտ. 14։6, 7

Օր մը օրանց մտածա՞ծ ես նոր լեզու մը սորվելու մասին, որպէսզի կարենաս ուրիշներուն օգնել, որ ճշմարտութիւնը գիտնան։ Նոյնիսկ եթէ ժամանակ չունիս նոր լեզու մը սորվելու, կրնաս JW Language էփը գործածել, որ պարզ բացում մը սորվիս։ Եւ երբ որ զայն գործածես ծառայութեան մէջ, կրնաս զգալ այն նոյն ուրախութիւնը, որ առաջին դարու մեր եղբայրները զգացին, երբ ուրիշ երկիրներէ մարդիկ իրենց մայրենի լեզուով լսեցին «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին» եւ զարմացան (Գործք 2։7-11

ԴԻՏԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐԸ ԵՂԻՐ. ՕՏԱՐ ԼԵԶՈՒՈՎ ՔԱՐՈԶԷ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ե՞րբ կրնաս օգտուիլ JW Language էփէն։

  • Այս էփին կարգ մը երեսակները ի՞նչ են։

  • Բոլոր լեզուներէն մարդիկ պէտք է լսեն բարի լուրը

    Թաղամասիդ մէջ մարդիկ ի՞նչ լեզուներ կը խօսին։

  • Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ Թագաւորութեան պատգամով հետաքրքրուող անձ մը օտար լեզու մը կը խօսի (od 100-101 ¶39-41