ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Բնութիւնը կ’օգնէ որ Եհովային իմաստութեան աւելի վստահինք
Եհովան միշտ գիտէ՞, թէ մեզի համար լաւագոյնը ի՛նչ է։ Անշո՛ւշտ։ Ասոր համար, եթէ իր ուղղութեան հետեւինք՝ իմաստութեամբ վարուած պիտի ըլլանք (Առ. 16։3, 9)։ Բայց երբ իր տուած ուղղութիւնը տարբեր ըլլայ մեր մտածածէն, դժուար կ’ըլլայ որ ատոր վստահինք։ Որպէսզի Եհովային իմաստութեան աւելի վստահինք, կրնանք իր ստեղծագործութեան վրայ խոկալ (Առ. 30։24, 25. Հռով. 1։20)։
ԴԻՏԷ ՊԱՏԱՀՄԱ՞ՄԲ ԳՈՅԱՑԱԾ Է, ԹԷ ՈՉ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ Է. ՄՐՋԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՃՈՂՈՒՄԻ ՉԵՆ ԿԱԽՈՒԻՐ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Մրջիւններուն մեծամասնութիւնը օրական ի՞նչ կ’ընէ։
-
Մրջիւնները ինչպէ՞ս խճողումի չեն կախուիր։
-
Մարդիկ ի՞նչ կրնան սորվիլ մրջիւններէն։
ԴԻՏԷ ՊԱՏԱՀՄԱ՞ՄԲ ԳՈՅԱՑԱԾ Է, ԹԷ ՈՉ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ Է. ԻՇԱՄԵՂՈՒՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ԶՕՐԱՒՈՐ ՀՈՎԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ ՀԱՍՏԱՏ ԿԵՆԱԼ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Մարդիկ ի՞նչ դժուարութիւններու առջեւ կ’ըլլան, երբ պզտիկ օդանաւեր կը քշեն։
-
Իշամեղուն ինչպէ՞ս կրնայ զօրաւոր հովերու դիմաց հաստատ կենալ։
-
Մարդիկ օր մը ինչպէ՞ս կրնան օգտուիլ իշամեղուին բնազդական իմաստութենէն։
Ո՛ւր որ կ’ապրիս, բնութենէն ի՞նչ կը սորվիս Եհովային իմաստութեան մասին։