ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ի՞նչ կը սորվինք Սամուէլի կեանքէն
Սամուէլ Եհովային հաւատարիմ մնաց իր ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Երբ ան պզտիկ էր, Հեղիին որդիներուն՝ Ոփնիին եւ Փենէհէսին, պէս գէշ բաներ չըրաւ (Ա. Թագ. 2։22-26)։ Մինչ կը մեծնար, Եհովան իրեն հետ էր (Ա. Թագ. 3։19)։ Նոյնիսկ երբ տարիքով մեծցաւ, շարունակեց Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել, հակառակ անոր որ իր որդիները հաւատարիմ չէին (Ա. Թագ. 8։1-5)։
Սամուէլէն ի՞նչ կը սորվինք։ Եթէ տարիքով պզտիկ ես, վստահ եղիր որ Եհովան քեզ կը հասկնայ եւ գիտէ թէ ի՛նչ կը զգաս։ Ան կրնայ քեզի օգնել, որ քաջ ըլլաս (Եսա. 41։10, 13)։ Իսկ եթէ ծնող մըն ես եւ զաւակդ Եհովայէն հեռացած է, կրնաս մխիթարուիլ գիտնալով որ Սամուէլ իր չափահաս որդիները չստիպեց, որ Եհովային ուզածին պէս ապրին։ Ան իր լաւագոյնը ըրաւ որ անձամբ հաւատարիմ մնայ իր երկնաւոր Հօր՝ Եհովային, մինչ անոր յանձնեց իր որդիներուն հարցը։ Ի՞նչ գիտես. թերեւս քու լաւ օրինակդ զաւակիդ օգնէ, որ Եհովային վերադառնայ։
ԴԻՏԷ ԱՆՈՆՑՄԷ ՍՈՐՎԷ. ՍԱՄՈՒԷԼ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Սամուէլ ինչպէ՞ս քաջութեամբ վարուեցաւ, երբ պզտիկ էր։
-
Տէնին ինչպէ՞ս քաջութեամբ վարուեցաւ։
-
Սամուէլ ինչպէ՞ս լաւ օրինակ ձգեց, երբ տարիքով մեծ էր։
-
Տէնիին ծնողքը ի՞նչ լաւ օրինակ ձգեց։