Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ | ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ

Աշակերտներուդ օգնէ որ չար ընկերակցութիւններէ խուսափին

Աշակերտներուդ օգնէ որ չար ընկերակցութիւններէ խուսափին

Եհովայի բարեկամը ըլլալու համար, Աստուածաշունչի աշակերտները պէտք է լաւ ընկերներ զատեն (Սաղ. 15։1, 4)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ լաւ ընկերները անոնց պիտի օգնեն, որ ճիշդը ընեն (Առ. 13։20. կվյ դաս 48

Երբ աշակերտներուդ կ’օգնես, որ չար ընկերակցութիւններէ հեռու մնան, անոնց հետ զգա՛։ Թերեւս անոնց համար դժուար ըլլայ՝ վազ անցնիլ իրենց Վկայ չեղող ընկերներէն։ Անոր համար, շարունակէ անոնցմով հետաքրքրուիլ, նոյնիսկ այն օրերուն երբ չէք սերտեր։ Կրնաս անոնց մէսըճ մը ղրկել, հեռաձայնել կամ այցելել։ Եւ մինչ անոնք կը յառաջդիմեն, կրնաս զանոնք հրաւիրել, որ ժամանակ անցընեն Եհովային ծառայողներուն հետ։ Ասանկով, անոնք պիտի տեսնեն, որ իրենց շահած բաները շատ աւելի են, քան՝ իրենց կորսնցուցածները (Մար. 10։29, 30)։ Իսկ դուն պիտի ուրախանաս տեսնելով, որ Եհովային ընտանիքը կը մեծնայ։

ԴԻՏԷ ՁԵՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐ ՉԱՐ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԽՈՒՍԱՓԻՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ի՞նչ ըսել է չար ընկերակցութիւն (Ա. Կոր. 15։33

  • Ճէյտին երեւակայութեան մէջ՝ Եհովայի վկաներուն հաւաքոյթները ինչպէ՞ս կ’ըլլան։

  • Նիդան Ճէյտին ինչպէ՞ս օգնեց, որ լաւ ընկերակցութիւններ ունենայ։