ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ո՛վ պատանիներ, սրտերնիդ բացէ՛ք ձեր ծնողքին
Ինչո՞ւ պէտք է մտածումներդ բացէ ի բաց ըսես ծնողքիդ (Առ. 23։26)։ Քանի որ Եհովան իրենց տուած է այն պատասխանատուութիւնը, որ քեզի հոգ տանին եւ քեզ ուղղեն (Սաղ. 127։3, 4)։ Եթէ մտահոգութիւններդ քեզի պահես, իրենց համար դժուար պիտի ըլլայ որ քեզի օգնեն եւ պիտի չկարենաս գործնական դասեր քաղել իրենց կեանքի փորձառութենէն։ Պէ՞տք է ամէ՛ն բան պատմես իրենց։ Պայման չէ։ Բայց զգոյշ եղիր, որ զանոնք չխաբես եւ անոնցմէ չպահես այն բաները, որոնք ծնողքդ իրաւունք ունի գիտնալու (Առ. 3։32)։
Ինչպէ՞ս կրնաս ծնողքիդ հետ խօսիլ։ Ընտրէ քեզի եւ ծնողքիդ համար ամէնէն յարմար ժամանակը։ Եթէ ատիկա դժուար է, կրնաս զգացումներդ նամակով արտայայտել։ Լաւ, ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ ուզեն խօսիլ նիւթ մը, որուն մասին չես ուզեր խօսիլ։ Միտքդ պահէ որ անոնց նպատակն է՝ քեզի օգնել։ Ծնողքդ նկատէ բարեկամներդ, եւ ոչ թէ թշնամիներդ։ Եթէ ջանք թափես որ բացէ ի բաց խօսիս անոնց հետ, լման կեանքդ պիտի օգտուիս՝ հիմա եւ յաւիտեան (Առ. 4։10-12)։
ԴԻՏԷ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔՍ. ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՄ ԾՆՈՂՔԻՍ ՀԵՏ ԽՕՍԻԼ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Էսթըրը եւ Բարդիքը իրենց անձին մասին ի՞նչ բան հասկցան։
-
Յիսուսէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ։
-
Ծնողքդ ինչպէ՞ս ցոյց տուած է, որ քեզմով հետաքրքրուած է։
-
Սուրբ Գիրքին ո՞ր սկզբունքները քեզի կ’օգնեն, որ ծնողքիդ հետ խօսիս։